2013-10-12 09:35:38

Լամբետուզա կղզիի մէջ գտնուող փախստականներու օգնութիւն` ֆրանչիսկոս Քահանայապետի անունով։


ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կը շարունակէ մօտէն ու մեծ ուշադրութեամբ հտեւիլ Լամբետուզա կղզի հասած փախստականներու կացութեան, անոնց կեանքով ու ապագայով։ Նորին Սրբութիւնը կղզի ուղարկած էր իր մէկ պատուիրակը` գերապայծառ Գոնարտ Գրայեւսքին` պատասխանատու Վատիկանի բարեսիրական մարմնին, որ մէկ շաբաթ կղզի անցնելով տեղեկագիր մը ներկայացուցած է Սրբազան Քահանայապետին փախստականներու կացութեան մասին։ Կղզիի առաջնորդը իր խնդակցութիւնը յայտնած է այս նախաձեռնութեան համար եւ յանուն բնակիչներուն ու փախստականներուն շնորհակալութիւն յայտնած է ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ցուցաբերած հոգատարութեան ու շնորհած պարգեւներուն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.